Logo
Image

 «Սուրբ Հոգիին Գանձն ու Հարստութիւնը»

  «Քրիստոնեաներու ունեցած գանձին մասին, որ Քրիստոսն է (եւ Սուրբ Հոգին), եւ որ զանազան միջոցներով կը մարզէ զանոնք մինչեւ որ կատարելութեան հասցնէ»:
                       


 Եթէ մեծահարուստ մարդ մը երկրի վրայ պահուած գանձ մը ունենայ, ապա ինչ որ ան ցանկայ, իր ունեցած գանձին ու հարստութեան շնորհիւ կրնայ գնել: Աշխարհի մէջ, ո'ր հազուագիւտ բանն ալ փափաքի ունենալ, ապա ամենայն դիւրութեամբ կը յաջողի ձեռք ձգել ու դիզել իր ունեցած գանձին միջոցաւ: Նոյն ձեւով ալ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ կը ձգտին եւ զայն կը փնտռեն, անոնք կը գտնեն երկնաւոր գանձը, այսինքն՝ կը ստանան Հոգիին գանձը, որ նոյնինքն Քրիստոս Տէրն է, որ իրենց սրտերուն մէջ կը փայլի: Անոնք կը կատարեն առաքինի ու բարի այն բոլոր գործերը, որ Տէրը պատուիրեց եւ ատիկա կ'ընեն՝ իրենց մէջ գտնուող Քրիստոս գանձին միջոցաւ: Անոնք, այդ գանձին միջոցաւ, ինչպէս նաեւ իրենց մէջ կուտակուած հոգեւոր հարուստ գանձին ապաւինելով՝ ամէն արդարութիւն եւ առաքինութիւն կը կատարեն եւ մեծ դիւրութեամբ նաեւ կը գործադրեն Աստուծոյ պատուիրանները՝ իրենց մէջ եղող անտեսանելի շնորհքին հարստութեան միջոցաւ: Պօղոս առաքեալ Կորնդացիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ կ'ըսէ.- «Բայց մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո'չ թէ մեզմէ» (Բ.Կր 4.7), այսինքն՝ այն գանձը, որ իրենց հոգիներուն մէջ իբրեւ սեփականութիւն տրուեցաւ.- «Եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը» (Ա.Կր 1.30):

  Ա'ն՝ որ կը գտնէ եւ իր մէջ կը սեփականէ այս երկնաւոր Հոգիի գանձը, ապա մաքրութեամբ, անբծութեամբ, առանց բռնադատութեան եւ ամէնայն դիւրութեամբ իր մէջ կ'իրականացնէ արդար պատուիրանները եւ կ'ամբողջացնէ բոլոր առաքինութիւնները: Այդ պատճառով ալ աղաչենք Աստուծոյ եւ կարիքի զգացումով խնդրենք իրմէ, որ մեր վրայ թափէ իր Հոգիին գանձը, որպէսզի իր բոլոր պատուիրաններուն համաձայն՝ կարող ըլլանք անարատութեամբ եւ անմեղադրելի վարքով ընթանալ եւ երկնային գանձին միջոցաւ, որ Քրիստոսն է, կարենանք մաքրութեամբ կատարել Հոգիին արդարութիւնը:

  Ա'ն՝ որ այս աշխարհի մէջ աղքատ, կարիքաւոր, մերկ եւ մահուան դատապարտուած է, ոչինչ կրնայ ձեռք ձգել, որովհետեւ իր աղքատութիւնը արգելք կ'ըլլայ իրեն, սակայն ան՝ որ այդ գանձը ունի, ապա շատ դիւրութեամբ եւ առանց յոգնութեան կամ ցաւի ձեռք կը ձգէ ամէն ինչ, որ իր սիրտը իրեն կը թելադրէ: Այսպէս, մեղքի աղքատութեան տակ ինկած հոգին, որ Սուրբ Հոգիի հաղորդակցութենէն մերկացած ու աղքատացած է, եթէ նոյնիսկ փափաքի՝ չի' կրնար որեւէ արդարութեան ճշմարիտ պտուղը քաղել՝ առանց Սուրբ Հոգիին հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու:  
   
  Ուստի, իւրաքանչիւրը ինքզինք թող բռնադատէ եւ Աստուծմէ խնդրէ, որ երկնաւոր Հոգիին գանձը ստանալու եւ գտնելու արժանի ըլլայ: Որպէսզի պատրաստ, անմեղադրելի վիճակով, առանց դժուարութեան եւ մաքրութեամբ կարենայ կատարել Տիրոջ պատուիրանները, որոնք հակառակ ինքզինք նախապէս բռնադատած ըլլալուն՝ չէր յաջողած կատարել: Որովհետեւ եթէ Հոգիին հաղորդակցութենէն մերկ ու աղքատ ենք, ապա ինչպէ՞ս պիտի կարենանք ձեռք ձգել երկնային գանձերը, առանց նախապէս ստացած ըլլալու Հոգիին հարստութիւնն ու գանձը: Բայց բոլոր անոնք, որոնք գտան Տէրը՝ ճշմարիտ գանձը, ապա խնդրանքով, հաւատքով, վստահութեամբ, մեծ համբերատարութեամբ, դիւրութեամբ եւ հանգստութեամբ կրնան Հոգիին պտուղները պտղաբերել եւ կատարել Տիրոջ բոլոր պատուիրանները, որ Հոգին կը պատուիրէ: Եւ այս բոլորը Ան անձամբ կը կատարէ մեր հոգիներուն մէջ, անմեղադրելի կերպով, կատարելութեամբ եւ մաքրութեամբ:

  Ան՝ որ կ'ուզէ հաւատալ Տիրոջ եւ անոր գալ, անհրաժեշտ է, որ հոս երկրի վրայ աղաչէ ու խնդրէ, որպէսզի աստուածային Հոգին առնէ: Որովհետեւ այդ Հոգին մեր կեանքն է: Ահաւասիկ, այդ պատճառով ալ Քրիստոս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեզի կեանք պարգեւէ. այսինքն՝ իր Հոգին: Այս պատճառով Տէրը Յովհաննու աւետարանին մէջ կ'ըսէ.- «Հաւատացէ'ք լոյսին, քանի տակաւին լոյսը ունիք, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլաք» (Յհ 12.36): Այն մարդը, որ կեանք չի խնդրեր եւ իրեն համար կեանք չ'ստանար, որ աստուածային Հոգիին լոյսն է, երբ այս մարմինէն բաժնուելով դէպի ձախ խաւարի շրջաններ փոխադրուի ու զրկուի երկինքի արքայութիւն մուտք գործելէ, անոր վախճանը սատանային եւ իր հրեշտակներուն հետ դժոխքը պիտի ըլլայ:
    
  Ուստի փառաւորենք Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: 

 


Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան